Рубрика: Մայրենի

Աղի վաճառորդը եւ իր էշը

Ժամանակին աղի վաճառորդ մը կար, որ մօտակայ քաղաքէն աղ կը գնէր եւ
պարկերը իշուն վրայ բեռցնելով կը ծախէր շուրջի գիւղերուն։ Ճամբուն վրայ կար
գետակ մը, ուրկէ կ’անցնէին։ Սակայն քանի որ կամուրջ չկար եւ ջուրն ալ խորունկ չէր,
գետակը կ’ացնէին ջուր մտնելով: Օր մը, մարդուն չար բախտէն, էշը կը սահի եւ ջուրին
մէջ կ’իյնայ։ Աղերուն մեծ մասը կը լուծուի ջուրին մէջ: Երբ էշը դարձեալ կը կանգնի, կը
զգայ, որ բեռը բաւական թեթեւցած է։

Այդ օրուընէ սկսեալ, ամէն անգամ որ էշը գետակէն պիտի անցնէր, կ’իյնար
ջուրին մէջ։ Վաճառորդը ի վերջոյ կը սկսի կասկածիլ, որ էշը դիտմամբ* կ’իյնայ՝ բեռը
թեթեւցնելու համար։ Ուրեմն կ’որոշէ անոր դաս մը տալ։ Յաջորդ քաղաք երթալուն,
աղի փոխարէն բամպակ կը գնէ ու կը բեռցնէ իշուն վրայ։ Էշը կը զգայ, որ բեռը աւելի
թեթեւ է, բայց կը մտածէ, որ եթէ դարձեալ ջուրը իյնայ, ա՛լ աւելի պիտի թեթեւնայ։
Ուստի, ըստ սովորութեան, դարձեալ կ’իյնայ ջուրին մէջ։ Բայց երբ կը փորձէ կանգնիլ,
բեռան ծանրութիւնը զինք կրկին վար կը ձգէ, որովհետեւ բամպակը ջուր ծծած եւ շատ
ծանրացած էր։ Վաճառորդը լաւ մը կը ծեծէ իշուն, մինչեւ որ կանգնի եւ այդ ծանրացած
բեռով քալէ։ Այդ օրուընէ սկսեալ, էշը կարելին կ’ընէ դարձեալ ջուրը չիյնալու։

Պատմուածքը ցոյց կու տայ, որ մեր գործը դիւրացնելու համար եթէ խաբէութեան դիմենք, հետեւանքը գէշ կ’ըլլայ:

Փիղին ընկերները

Փիղ մը միայնակ կը թափառէր անտառին մէջ եւ ընկերներ կը փնտռէր։ Ճամբուն
վրայ կը հանդիպի կապիկի մը եւ կ՚ըսէ.
-Ո՜վ կապիկ, իմ ընկերս կ՚ըլլա՞ս։ Կապիկը կը պատասխանէ.

-Դուն շատ մեծ ես եւ ծառ չես կրնար մագլցիլ, ուրեմն ընկերդ չեմ կրնար ըլլալ։
Փիղը կը շարունակէ ճամբան եւ կը հանդիպի նապաստակի մը եւ անոր ալ կը հարցնէ,
եթէ կ՚ուզէ իր ընկերը ըլլալ։ Նապաստակն ալ կը պատասխանէ, թէ փիղը շատ մեծ է իր
ընկերը ըլլալու համար։ Ապա կը հանդիպի գորտի մը եւ անկէ ալ կը խնդրէ իրեն ընկեր
ըլլալ։ Գորտը կ՚ըսէ.
-Դուն շատ մեծ ես եւ չես կրնար ցատկել ինծի պէս, հետեւաբար կը ներես, բայց
չեմ կրնար ընկերդ ըլլալ։
Փիղը յուսախաբ կը շարունակէ ճամբան՝ բոլոր անասուններէն նոյն
պատասխանը ստանալով։
Յաջորդ առաւօտ փիղը կը տեսնէ, որ անտառի բոլոր կենդանիները ահ ու դողի
մատնուած կը փախչէին։ Արջին հարցնելով կ՚իմանայ, որ վագր մը յարձակած էր
անտառի կենդանիներուն վրայ։

Փիղը կ՚որոշէ փրկել տկար կենդանիները, ուստի կը յարձակի վագրին վրայ եւ կը
փախցնէ զայն։ Անոնք լսելով, որ փիղը փրկած էր զիրենք վագրէն, միաբերան կ՚ըսեն փիղին.

-Կարեւոր չէ, եթէ դուն մեծ ես թէ փոքր։ Մենք կը փափաքինք ընկերդ ըլլալ։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ բարեկամութեան չափանիշը տարիքը կամ չափը չէ, այլ վերաբերմունքը։

Հոմանիշներ կրնա՞ս գտնել:

Ձախ կողմի սիւնակի իւրաքանչիւր բառ միացո՛ւր աջ կողմի սիւնակի
համապատասխան հոմանիշին։

Ճոխ-փարթամ
Հակամէտ-տրամադիր
Հրաշալի-հիանալի
Ձախող-անյաջող
Հուժկու-յաղթանդամ
Ճարպիկ- ճարտար
Ձեռնտու-յարմար

Ամբողջ-համակ
Անճարակ-ձախաւեր